.jpg)
Սուրիահայ. Ավելի արդյունավետ կլիներ, եթե մշակեիք «Մնա տանը» ծրագիրը
«Հայաստանի մէջ Սուրիահայերու մէկ կարեւոր հատուածը շատ անտանելի կացութեան մատնուած է. անգործներուն Աստված օգնական, իսկ անոնք որ աշխտանք գտած են՝ նուաստացնող աշխտավարձով (բժիշկը կը վարձատրուի ամսական 35 հազար ՀՀ դրամով. նկատելով որ նուազագոյն աշխատավարձն է, իսկ 85 հազար ՀՀ դրամը արդեն երազային աշխատավարձ է)»,- այս մասին Հալեպահայերի ֆեյսբուքյան էջում գրում է Աբրահամ Խենկիկյանը:
«Համեստ բնակարանի մը ամսական վարձը 30 հազար ՀՀ դրամէն 120 հազար ՀՀ դրամի միջեւ կը տատանի.
Այն բախտաւոր ընտանիքներէն ոմանք, որոնք կրցած էին մէկ սենեակ ունեցող տուն մը գտնել 120 հազար հհ դրամ ամսավճարով, բնակարանը մինչեւ Ապրիլի վերջը յանձնելու յայտ ստացած են, եթէ ամառնային սեզոնին չհամաձայնին աւելի բարձր վարձ վճարել:
Պահ մը ենթադրենք ընտանիք մը բաղկազած երէք անհատէ՝ հայր, մայր և մէկ երախայ. մայրը բժշկուհի. հայրը բժիշկ, երկուքն ալ փառք Աստուծոյ աշխատանք ճարեր են և կ՝աշխատին. այս ընտանիքին ընդհանուր եկամուտն է 110 հազար հհ դրամ, իսկ բնակարանի վարձը 120 հազար հհ դրամ. երախայի դպրոցը անվճար. ի սէր Աստուծոյ այս ընտանիքը և ասոր նման ընտանիքներ ինչպէ՞ս կրնան գոյատեւել. Իրենց հետ բերած քիչ մը գումարը զիրենք որքա՞ն ժամանակ կը բաւարարէ:
Մեր երկրի ղեկավարութինը այսպիսի տրամաբանութեամբ ո՞ւր կ՝ուզէ հասցնել երկիրը: Ագարակապաններ լաւ շահոյթ ունենալու համար իրենց ագարակի անասուններուն լաւ կը խնամեն, կուշտ և առողջ կը պահեն, որպէսզի իրենք ալ պարարտանան:
Մեր Սփիւռքի նախարարութիւնը Արի Տուն ծրագիրը մշակեց, որուն համար շատ շնորհակալ ենք. բայց այս ծրագիրը շատ աւելի արդիւնաւէտ կ՝ըլլար եթէ նախպէս մշակուէր ՄՆԱՅ ՏՈՒՆ ծրագիր մը:
Մեր երկրին մէջ խղճամիտ ղեկավարներ շատ ունինք, բայց դժբախտաբար խոչնդոտողներու թիւն ալ անտեսելու չէ: Մինչեւ հիմա խոստումներ շատ լսեցինք, բայց հասարակ աշխատող խաւը Սուրիահայերուն որոնք հիանալի արհեստաւորներ են, լաւ աշխատողներ, որոնք կարողութիւնը ունին օրական 12 ժամ աշխատելու, առանց սրճելու կամ շաղակրատելու, որոնք սթափ գլուխով աշխատանքի կու գան և բարեխղճօրէն կը կատարեն իրենց տրուած ծրագիրը, տակաւին խարխափումի մէջ են. չունին իրենց համար աշխատանք. անյուսալի վիճակի մէջ կը գտնուին և արդէն իսկ մեծամասնութիւնը դուրս գալու, օտար երկիրներ երթալու որոնումի մէջ է»: